2015-06-05 12:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 Յունիսի գործունէութիւնը` Չիլէի նախագահին հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 5 յունիս 2015-ի առաւօտեան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Չիլէի Հանրապետութեան նախագահը Տիկ Միշել Պաշըլէ Երեան ու անոր ընկերացող շքախումբը, որմէ ետք ընդունեց Էլ Սալվատորի մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Լէոն Քալենկա Պատիքեպելէ,  հուսկ իտալական ''Քարիւղի'' ԷՆԻ ընկերութեան գործադիր տնօրէն` Տիար Քլաուտիօ Տէ Սքալցի ու անոր ընտանեկան պարագաները։

Հուսկ Քոնչիսթորօ սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ընդունեց Յիսուսի Սուրբ Սրտի ''Տէոնեան'' միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակիցները ու ապա Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Քահանայապետական միսիոներական գործունէութեան'' ընդհանուր ժողովի մասնակիցները։

Ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլէի Հանրապետութեան նախագահին շնորհած ունկնդրութեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր`  ուրբաթ 5 յունիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Չիլէի հանրապետութեան նախագահ` Տիկ Միշել Պաշըլէ Երեանը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի  Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ  որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր։

Հաղորդարարութիւնը յայտնեց ապա թէ հանդիպումը ընթացաւ ''սիրալիր մթնոլորտի մէջ'' որուն ընթացքին արծարծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Չիլէի Հանրապետութեան միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններու հայող նիւթեր, յոյց յայտնելով որ անոնք ամրապնդուին, ու քննարկուեցան կողմերը հետաքրքրող հարցեր որոնց շարքին մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը, դաստիարակութիւնը եի ընկերային համերաշխութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ընգծուեցաւ Կաթողիկէ հաստատութիւններու դերն ու սատարը ի սպաս Չիլէի ընկերութեան յատկապէս կամզաւորումի եւ կարիքաւորներու օժանդակութեան շրջագիծէն ներս։

Զրոյցները ապա յանգեցան Լատին Ամերիկայի ընդհանուր իրավիճակի մասին ու յատկապէս անդարդարձ կատարելով ցամաքամասը յուզող յատուկ մարտահրաւէրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.